2015-10-01 11:58:00

Հայր Սարգիս Դաւիթեան` Իսպահանի (Իրանի) Կաթողիկէ Հայոց թեմին եպիսկոպոս


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը, 1 հոկտեմբեր 2015-ին, հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը Հայր Սարգիս Դաւիթեանը ընտրած է եպիսկոպոս Սպահանի (Իրանի) կաթողիկէ հայոց թեմին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր հաւանութիւնը տուած է վերոնշեալ եպիսկոպոսական ժողովի կանոնական ընտրութեան։

Հայր Սարգիս Դաւիթեան ծնած է Հալէպ, 9 նոյեմբեր 1943-ին։

Պատրիարքական Զմմառու դպրեվանք յաճախած է, ապա քահանայ ձեռնադրուած է 11 հոկտեմբեր 1970-ին։  Հայր Սարգիս Դաւիթեան քահանայական ծառայութեան առաջին տարիներուն եղած է Պէյրութի ժողովրդապետ, ապա 17 տարիներ անընդհատ ծառայած՝ Մարսէյի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն որպէս ժողովրդապետ։

Պէյրութ վերադարձին Հայր Դաւիթեան ծառայած է որպէս ժողովրդապետ, ապա եղած է Զմմառու նորընծայարանի հոգեւոր հայր, որմէ ետք նշանակուած է Հալէպի փոքր նորընծայարանի տեսուչ։

2007-ին, պաշտօնավարած է Լիբանանի Պուրճ Համմուտի ժողովրդապետութեան որպէս հոգեւոր հովիւ։

Վերջին շրջանին՝ Հայր Սարգիս Դաւիթեան առաքելական ծառայութիւն մատուցեց Երեւան, Քանաքեռ թաղամասի ժողովրդապետութեան որպէս ժողովրդապետ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.